2013-10-09 09:41:32

''Աստուած` մարդ էակը կը յանձնէ կնոջ'' խորագրով` ուսումնաժողով Վատիկանի մէջ։


Յովհաննէս Պօղոս Բ-ի, 15 օգոստոս 1988-ին, կնոջ արժանապատուութեան ու անոր կոչումի մասին հրատարակած “Mulieris dignitatem” շրջաբերական թուղթի 25-րդ ամեակի առթիւ, Աշխարահականներու Քահանայապետական Խորհուրդը, 10 եւ 11 հոկտեմբերին, Վատիկանի մէջ կազմակերպած է` ''Աստուած` մարդ էակը կը յանձնէ կնոջ'' խորագրով ուսումնաժողով մը։
''Կնոջ բարոյական եւ հոգեւոր ուժը - գրած էր երանելի ՅՊԲ-ը իր շրջաբերական թուղթին մէջ - միացած է գիտակցութեան որով Աստուած անոր յատուկ կերպով կը վստահի մարդ էակը։ Բնականաբար Աստուած մարդը կը վստահի ամէնուն եւ ամէն մէկուն։ Սակայն այս վստահութիւնը յատուկօրէն կը հայի կնոջ, եւ այս մէկը մասնաւորպէս կը յատկանշէ անոր կոչումը։''

Այս առթիւ հրատարակուած Աշխարհականներու Քահանայապետական խորհուրդի հաղորդագրութեան մէջ կը կարդանք. ''Վերջին 25 տարիներուն` ընկերային, տնտեսական, մշակութային եւ քաղաքական կեանքէն ներս կնոջ ներկայութիւնն ու անոր մասնակցութիւնը, համայն աշխարհին մէջ, աստիճանաբար աճած է։ Թէեւ, միաժանակ, ականատես եղանք մարդաբանական համաշխարհային ճգնաժամի աճումին, ուր մարդը կը տառապի ''ինքնիր դէմ ատելութեամբ'' որուն հետեւանքով անհանգիստ վիճակի մէջ կ՛ապրի։

Վերոյիշեալ ուսումնաժողովին իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն 25 երկիրներէ ժամանած, 39 եկեղեցական ընկերակցութիւններու եւ շարժումներու անդամ` 22 մասնագիտական ճիւղաւորումներու ներկայացուցիչներ, որոնք պիտի ջանան պատասխաններ տալ աշխարհը յուզող նոր մարտահրաւէրներուն, մեկնելով Աստուծոյ, ամէն մէկ կնոջ ու մարդու, պարգեւած արժանապատուութենէն եւ կոչումէն։

Ուսումնաժողովի աշխատաքներու բացումը նախատեսուած է հինգշաբթի 10 հոկտեմբերին եւ կ՛եզրափակուին շաբաթ 12 հոկտեմբերին, Սրբազան Քահանայապետին հետ նախատեսուած հանդիպումով։








All the contents on this site are copyrighted ©.